ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹ’

ԱՐԱՄԵԱՆ- ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Հոկտեմբեր ամսուան մուտքով սկսաւ Թարգմանչաց Տօնի և Մշակոյթի Շաբթուան գործունէութիւններուն պատրաստութիւնները:  Շաբթուան ամէն մէկ օրը տարբեր ցուցադրութեան որոշում տրուեցաւ տնօրէնութեան  և ուսուցչաց կողմէ: Այս տարուան բնաբանն էր «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐ» :

Ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէն  մշակոյթը կազմող տարրերը բացատրեց և   լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի կողմէ նկարուած զանազան երկիրներու մէջի խաչքարերու  և մշակոյթի նմոյշներու օրինակները տեսաերիզի մը միջոցաւ  ցուցադրեց որ աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ  դիտեցին:

Գծագրութեան ժամուն ալ խաչքարներ ծրագրելով էջադիրներ պատրաստեցին

Դասարաններու պարախումբերը մարզասրահին մէջ  ներկայացուցին  Հայկական ժողովրդակապ պարերէ   փունջ մը որ տղաքը ծափողջիւններով մասնակցեցան այս խրախճանքին:

Տիկին Արշալոյս Պալմումճու Հայկական խոհանոցի ճաշերէն խաւիծը բացատրեց, բաղադրիչները համրեց և աշակերտներուն հետ միասին եփեցին: Յետոյ համտեսեցին:

Ուսուցչուհի Նելլի Պասմաճեան մատենադարանի, մատեանի, գրիչի, ծաղկողի, մագաղաթի և որդան կարմիրի  մասին տեղեկութիւններ տալով նկարները ցուցուց: Միևնոյն ժամանակ մագաղաթի լուսապատճէններ բաժնեց, աշակերտները կարմիր մատիտ (իբր որդան կարմիր) գործածելով հայերէն գիրեր գրեցին, զարդարեցին և ցուցադրեցին: Մինչ այդ սրահին անկիւնն ալ Մեսրոպ Մաշտոցի կերպարով նստած էր աշակերտ Այգ Այգաչ և կը հետեւէր ներկայացման:

Ուրբաթ օրը վերջ գտաւ Թարգմանչաց Տօնի և Մշակոյթի շաբթուան  տօնակատարութիւնները , այսօրուան հանդիսութեան ներկայ էին նաև ծնողներն ալ:

Վարժարանի բոլոր դասարաններու աշակերտները բեմ բարձրանալով  արտասանեցին, պարեցին, երգեցին և իրենց ներկայացումները կատարեցին:  Իսկ  Միջնակարգի աշակերտները օրաթարիոյ մը ներկայացուցին ( Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքը, գիրերու գիւտը,  Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, Ոսկեդարը, թարգմանիչները, հանելուկներ):

Հադէսը վերջ գտաւ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի սրտի խօսքով որ

շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն և աշակերտներուն:

Հանդէսը պատրաստող ուսուցիչներն էին. Աննա Սարը  Սեչկին, Թամար Մանկասար, Էլիզապէթ Քապէ, Մելիս Սօլաքօղլու,Վերա Հէմէնկիւլ, Այլին Եսայեան, Թամայ Եըլմազ,Այլին Քէշիշօղլու, Էսրա Էօզալբ, Հրանդ Չիզմէճեան Քրիստին Տելլալօղլու:

Տիկին Թալին արտայայտուեցաւ  նաև օրակարգի նիւթը եղող Արամեանի սան Տարօն Աճէմօղլուի արժանացած և մեզի մեծ պարծանք պատճառող Նօպէլեան մրցանակին մասին:

Տարօն Աճէմօղլուին աշակերտութեան նկարները ցոյց  տուաւ:

Տնօրէնութիւնը 2019 ին  մայրը Տիկին Իրմա Աճէմօղլուին  (10 տարի Արամեանին մէջ տնօրէնութիւն ըրած էր) Յիշատակութեան օր մը կազմակերպած էր:  Տարօն Աճէմօղլուն ալ ներկայ գտնուած էր  այդ ոգեկոչման հանդիսութեան:

Այդ օրուան տեսաերիզները ցցնելով աշակերտներուն յորդորեց որ Տարօնին նման յաջողութիւններ ձեռք ձգեն և մեր ազգին պատիւ բերեն: Աշակերտները, ուսուցիչները, ծնողները բուռն ծափերով ողջունեցին Տարօն Աճէմօղլուն:

Այդ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան վարժարանէն: