ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄԵԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
1858 ին Գատըգիւղի Ս.Թագաւոր տաճարին շրջափակին մէջ կը կառուցուի առաջին կանոնաւոր ազգային վարժարանը, Համազասպեան Մուրատեան անունով: Համազասպեան մանչերու յատուկ՝ Մուրատեան աղջկանց յատուկ:
Ժամանակի ընթացքին գիւղին բնակչութիւնը զգալաբար կը բազմանայ պատճառաւ՝ Սկիւտարի հրդեհին եւ 1700էն ի վեր գաւառէն Կ.Պոլիս հասնող հայերուն: Ուստի հարկ կը դառնայ եկեղեցիէն հեռու Ռըզա Փաշա Թաղին մէջ ընդարձակ հող մը գնել որուն վրայ կը կառուցուի վարժարանը, քարաշէն երեք յարկով: Շինութիւնը կը վերջանայ 1872ին բայց դրամական միջոցները պակսած ըլլալուն դպրոցը չի բացուիր:
« Զապէլ Թագուհին » անունով թատրերգութեան մը ներկայացումին հասոյթովն է որ կարելի կ’ըլլայ նորակառոյց վարժարանը բանալ 1873ին կոչելով Արամեան:
Այդ շրաջաններուն Պոլիսի զանազան թաղերուն մէջ իրարու ետեւէ բացուած են նախակրթարաններ սուրբերու եւ բարերարներու անունով, բայց Արամեանը կը զատուի այս բոլորէն իր պատմական անունով: Ասիկա անունն է մեր դիւցազն Արամ Նահապետին, որով մկրտուած կը տեսնենք գաւառի մեր վարժարաններէն շատերը, ինչպէս՝ Ակնայ, Կեսարիոյ, Ստաբազարի եւլն.
1912ին Գատըգիւղի յարգարժան թաղեցիներէն Մաթուս Էֆէնտի Ունճեան, Եղբայրը Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի հետ կը գնէ վարժարանին ետեւը գտնուող Յունաց նախկին ակումբի շէնքը եւ կը նուիրէ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ ի յիշատակ քոյրը՝ Նեկտարինէ Ունճեանի: Կառուցուելիք շէնքը պիտի ծառայէ իբր աղջկանց վարժարան: Այսպէսով դպրոցին անունին քով կ’աւելցուի Ունճեաններու անունը եւ կ’ըլլայ Արամեան Ունճեան:
Արամեան Ունճեան նախակրթարանը 1957ին ութնամեայ Միջնակարգի կը վերածուի՛ տնօրէն Վահրամ Պուրմաեանի ջանքերով:
Ժամանակի ընթացքին բաւական հինցած շէնքը ( որ արդէն վտանգաւոր դարձած էր ) նորոգելու պարագան հետզհետէ կը յանգի արդիական եւ աւելի ընդարձակ շէնքի մը կառուցման գաղափարին: 1961ի ամրան շինութիւնը կը սկսի եւ կը վերջանայ 1962ի աշնան:
Յատակագիծը կը պատրաստեն եւ կառուցման հսկողութիւնը անձնուիրաբար կը ստանձնեն բարձր ճարտարագէտ Նշան Եաղուպեան ( նախկին փոխ ատենապետ Ս.Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի) եւ բարձր երկրաչափ Վահրամ Բօլաթ:
Վարժարանի նորաշինութեան իրենց նիւթական կամ բարոյական օժանդակութիւնը կը բերեն զանազան ազգայիններ գլխաւորութեամբ հանրանուէր բարերար Արամեանցի Գալուստ Կիւլպէնկեանի:
Kadıköy’de ilk Ermeni okulu Surp Takavor Kilisesi çevresinde 1858 yılında Hamazaspyan-Muratyan adı ile kurulmuştur. Hamazaspyan’da erkek öğrenciler Muratyan’da kız öğrenciler eğitim almaktadır. Zaman içinde öğrenci sayısının artması ile yeni bir binaya ihtiyaç duyulmuş ve Mühürdar’daki arsa satın alınarak yeni bir okul binası inşa edilmiş, 1873’te öğretime açılan bu okula o zamanın geleneklerine uyarak “Aramyan” adı verilmişti. 1912 yılında Aramyan’ın İdadi’ye dönüştürülmesi söz konusu olur. Kadıköy’ün ileri gelenlerinden hayırseverliği ile tanınmış Matus Efendi Uncuyan, rahmetli kız kardeşi Nekdarine Uncuyan’ın anısına kardeşi Apik Efendi Uncuyan ile okulun arka tarafında bulunan Rumlara ait binayı satın alır; bu bina birkaç yıl Uncuyan Kız Okulu olarak kullanılır. Birinci Dünya Savaşı sırasında Aramyan ve Uncuyan binaları zaman zaman göçmenlere yerleşim mekanı veya askeri hastane olarak; 1918’lerde savaşın bitmesiyle de bir süre yetimhane olarak kullanılır. Bir yangında zarar gören Uncuyan binası yıkılıp yerine okula gelir getirmesi için bir apartman inşa edildikten sonra eğitim öğretim tek bir binada ve Aramyan Uncuyan adı ile sürdürülür. Bugünkü Aramyan-Uncuyan Derneği o günlerde Anaokuludur.
1957’de Ortaokulu açılan Aramyan Uncuyan’ın oldukça eski olan ve tehlike arz eden binası 1960’larda yıkılıp yerine bugünkü bina inşa edilmiştir.
Okul arazisi içinde bulunan vakfa ait mülk binası yıkılarak yerine yapımı 2022 yılında tamamlanan günümüzün getirdiği modern ve her türlü güvenlik tedbirleri (deprem, yangın..vb) ile donatılmış yeni bir bina inşa edilmiştir. Ayrıca yapım sırasında yerin altına kapalı spor salonu da yapılmıştır. Okulun kuruluşunun 150. yılında yani 2023 yılından başlayarak da eğitim yeni binamızda devam etmektedir.