ԹԱՐԳՄՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԱՐԱՄԵԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Վերամուտի հետ սկսող ուսումնական աշխատանքի շրջանին առաջին գործունէութիւնը եղաւ Թարգմանչաց Տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան հանդիսութիւնը: Մշակոյթի շաբթուան ընթացքին վարժարանի դասարաններուն բոլոր աշակերտները իրենց մակարդակին յարմարօրէն մասնակցեցան զանազան աշխատանքներու եւ թարմացուցին իրենց գիտելիքները: Նկարներ ներկեցին, գիրեր զարդարեցին, ձեռական աշխատանքներ կատարեցին, հայ մանրանկարչութեան եւ ձեռագիրերու նմոյշներով ծանօթացան, հայկական ճաշերու եւ մանաւանդ լաւաշի շինութեան տեղեակ եղան, նախնեաց գիրերու օրինակներ ուսումնասիրեցին, գրքոյկներու տիրացան, երգեր, ոտանաւորներ սորվեցան, ցուցահանդեսներ պատրաստեցին:

Օրուան հանդիսութեան ներկայացումին մէջ պարտականութիւն ունեցող աշակերտներն ալ փափաքով եւ մեծ եռանդով լծուեցան իրենց դերերու աշխատութեան:

Ուրբաթ օր վարժարանի հանդիսասրահին մէջ իրականացաւ տօնակատարումը: Այս տարի ներկայ էին նաեւ ծնողներն ալ:

Օրուան խօսնակը՝ Լիա Պոյաճը մի առ մի բեմ հրաւիրեց ելոյթներ ունեցող աշակերտները:

Բոլորն ալ մեծ լրջութեամբ բեմադրեցին իրենց դերերը, որ մեծ հաճոյք պատճառեց ներկաներուն:

Ծափերով արտայատեցին իրենց գնահատանքը:

Յայտագիրը հետեւեալ ձեւով ընթացաւ.

  • Ա. Դասարան տառերով ոտանաւոր եւ պար
  • Բ. Դասարան «Հայ Երգ» ի ընկերակցութեամբ պար
  • Գ. եւ Դ.դասարաններու աշակերտներու սաներէն հանելուկներու ներկայացում եւ մրցում
  • Դ. Դասարանի սաներէն գիրերու գիւտի, Մեսրոպ Մաշտոցի մշակոյթի շաբթուան մասին տեղեկութիւններ
  • Է. Դասարանի աշակերտներէն մէնախօսութիւններ
  • Զ. Դասարանի սաներուն շարադրութիւններէն պարբերութիւններ
  • Երգչախումբէն երգեր
  • Տեսաերիզի միջոցաւ Ե. Դասարանի սաներէն մատենադարանի և թարգմանիչներու մասին տրուած տեղեկութիւններ

 

Այս ներկայացումով  աշակերտները բեմի հանդէպ իրենց ունեցած կարօտը հագեցնելու հաճոյքը վայելեցին:

Տօնակատարութեան փակման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի  Թալին Պէրպէրօղլու :Հանդէսը պատրաստող ուսուցիչներուն և պարտականութիւն ստանցնող աշակերտներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, շնորհաւորեց զիրենք:

Յետոյ աւարտեց խօսքը ըսելով. « Ասկէ ետք հայ ազգին ներկայութիւնը  ձեր շնորհիւ պիտի շարունակէ, հայերէն խօսեցէք, կարդացէք, գրեցէք, երգեցէք, համայնքին օգտակար եղէք: Այսպէսով մեր մշակոյթը, աւանդութիւնները, պատմութիւնը  ապագայ սերունդներուն դուք պիտի փոխանցէք և հայ ազգը դարերով  տեղ պիտի գրաւէ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին  մէջ»:

 

Տնօրէնուհիին տպաւորիչ և խորհրդաւոր խօսքերէն ետք  այս տարուան հանդիսութիւնը  վերջ գտաւ: